2013-11-07 11:25:29

Հալէպ. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ տարածքը` նախկին առաջնորդարանը հրասանդի հրթիռի մը թիրախ դարձաւ


«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ Հալէպի մէջ տակաւին կը շարունակուին խաղաղ թաղամասերուն վրայ հրասանդի հրթիռներու հարուածները. երէկ կէսօրուան ժամերուն Հալէպի Սալիպէ շրջանին մէջ գտնուող Հայ առաքելական Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ տարածքը` նախկին առաջնորդարանը հրասանդի հրթիռի մը թիրախ դարձաւ: Բարեբախտաբար ֆիզիքական վնասներ չկան, արձանագրուեցան միայն նիւթական վնասներ:
Նշենք, որ վերոյիշեալ շրջանը ենթակայ է հրթիռներու մնայուն հարուածին:
Պայթուցիկ սարքի պայթում` Դամասկոսի մէջ
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ անցնող երկու օրերուն ապահովական զարգացումները կ՛արձանագրուին բազմաթիւ հրասանդի հրթիռներու հարուածներու ընդմէջէն, մայրաքաղաքի տարբեր թաղամասերու վրայ, ինչպէս` Ժարամանա, Պապ Թումա, Ատաուի. յատկանշական էր Ապու Ռումանէ թաղամասին մէջ գտնուող պապական դեսպանատան վրայ հարուածը, որ միայն նիւթական վնասներ պատճառեց:
Իսկ երէկ առաւօտ մայրաքաղաքի կեդրոնը գտնուող Հիժազի կայարանի շէնքին մօտ պայթուցիկ սարքի պայթումը պատճառած է ութ զոհեր եւ յիսուն վիրաւոր, որոնց շարքին են նաեւ շէնքի նորոգութեան գործաւորները եւ անցորդներ:
Պաշտօնական աղբիւրները կը հաստատեն, որ սուրիական բանակը յաջողութիւններ արձանագրած է մայրաքաղաքի տարբեր ծայրամասերուն ուղղութեամբ` կործանելով զինեալ խմբաւորումներու կեդրոնները, ինչպէս` Հարասթա, Մլեհա, Զամալքա եւ Քապուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.